Վաղը Դեկտեմբերի 7-ն է՝ հայրենաւեր ՄԵԾ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ հերթական տարելիցը, որ տակաւին սրտակեղեք ապրումներով կը պատէ մեզ: Իսկ տակաւին անօթեւան մնացած, դաժան ու թշուառ կեանքով ապրող գիւմրեցիները, որոնց ի տես, նոյնիսկ հեռուէ-հեռու, կը բզքտուի սիրտդ: Իսկ այդ օրերուն, 24 տարիներ առաջ, համահայկական ՍՈՒԳԻ օրեր էին: Օրեր, շաբաթներ, ամիսներ շարունակ հայրենօգնութեան գործը կլաներ էր մեզ, ո՛չ տօն, ո՛չ կիրակի, ո՛չ Նոր Տարի....Մեր միակ մտասեւեռումը դարձեր էր ինչ-որ կերպով օգնութեան փութալ մեր հայրենի քոյրերուն ու եղբայրներուն: Կը յիշեմ՝ այդ օրերուն անքաւելի յանցանք կը համարէինք խնճոյքի մը երթալ, թէկուզ ճաշարան կամ որեւէ ուրախ վայր: Մենք ամբողջովին կիսեցինք աղէտեալ մեր հարազատներուն ցաւն ու կսկիծը եւ չեմ գիտեր, եթէ կրցանք ինչ-որ չափով մեղմել իրենց ցաւը, ամոքել իրենց վէրքերը: Սա նաեւ սեփական խիղճը հանգստացնելու միջոց էր: ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՅՆ ԴԱՐՁԵՐ ԷՐ ՄԷԿ ՍԻՐՏ, ՄԷԿ ՀՈԳԻ: